Արեւմտահայերէնը «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրին մէջ
Primary tabs
Արեւմտահայերէնը՝ ազգապահպանման գլխաւոր գործօնը համարուող լեզուն, հետզհետէ վտանգի կ’ենթարկուի: Եթէ պէտք եղած քայլերը չ’առնուին առ որ անկէ, շատ մեծ հաւանականութեամբ կը կորսնցնենք մեր հիասքանչ Արեւմտահայերէնը: Արեւմտահայերէնը մտահոգիչ վիճակի հասնելուն հիմնական պատճառներն են՝ հետեւողական աշխատանքի պակասը ընդհանրապէս: Սփիւռքի եւ կամ Հայաստանի մէջ ճիշդ է որ ճիգ կը թափուի այս նիւթին շուրջ, սակայն պէտք եղած աշխատանքը չի տարուիր կենսունակ պահելու եւ գոյատեւման ծիրին մէջ դնելու զայն: Արեւմտահայերէնի պահպանման գործընթացին մէջ պէտք է ըլլան կարեւոր կռուաններ, ինչպիսին՝ միջոցառումներ հայթայթել լեզուն անաղարտ պահելու մտահոգութեամբ, ըլլայ հայրենիքի եւ կամ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ, նամանաւանդ՝ Եւրոպայի, քաջալերանք ցուցաբերուի արեւմտահայերէն լեզուի հանդէպ, որ դժբախտաբար այնտեղ ապրող հայ ժողովուրդին մեծ մասը արդէն իսկ «օտառախառն» հայերէնով կը խօսի, այն ալ լաւագոյն պարագային:
Միջին Արեւելքի մէջ, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, Արեմտահայերէնը ցարդ կը պահէ իր գոյութիւնը, շնորհիւ հայկական ամէնօրեայ դպրոցներուն, գործող մշակութային ու մարզական միութիւններուն եւ հայատառ մամուլին: Ճիշդ է, որ այս երկու գաղութները շատ բան կորսնցուցած են անցեալի հմայքէն ու կարողականութենէն, այսուհանդերձ կը մնան առողջ ու նուազ խաթարուած ազգային գետնի վրայ: Վերոյիշեալ երկու երկիրներուն մէջ տիրող քաղաքական ու ապահովական խառնաշփոթ ու անկայուն վիճակը, եւ ասոնց բնական հետեւանք հայութեան արտագաղթը Արեւմտեան երկիրներ, ժխտական ազդեցութիւն ունեցան եւ պիտի ունենան Արեւմտահայերէնի ճակատագիրին:
Արեւմտահայերէն սպառնացող մարտահրաւէրները եւ դիմագրաւած խնդիրները լուծելու նպատակով Հայաստանի մէջ կարգ մը դպրոցներ արդէն իսկ ներառած են Արեւմտահայերէնը: Այս առումով ՀՀ կառավարութիւնը կը ծրագրէ Արեւմտահայերէնին տալ յատուկ կարգավիճակ: Արեւմտահայերէնը ներառնել բարձրագոյն կրթութեան, հանրակրթական եւ ուսումնական ծրագիրներուն մէջ, եւ զանազան միջոցառումներ ի գործ դնել Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան ի խնդիր: Կառավարութեան կողմէ այս քայլը կը կարծեմ շատ կարեւոր է եւ կը նպաստէ լեզուի պահպանման:
«Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ Արեւմտահայերէն լեզուն կենսունակ պահելու եւ գոյատեւելու գործընթացին մէջ: Նորանոր ծրագիրներ մշակելով, Արեւմտահայերէնը տարածելով եւ ծանօթացնելով դպրոցի բոլոր աշակերտութեան, իրենց մէջ հիմը դնելով այս հիասքանչ լեզուն, այն նպատակով, որ շարունակուի եւ վերապրի մեր դարեր շարունակ գործածած լեզուն: Այս ուղեգիծին մաս կազմելով, ես՝ որպէս Արեւմտահայերէն լեզուի դասատու՝ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրին մէջ, իմ ուսերուն կը դնեմ այս հաճելի եւ միեւնոյն ժամանակ պատասխանատու աշխատանքը, հաւատքը ունենալով, որ իմ այս ճանապարհը՝ Արեւմտահայերէն լեզուի հետ, պիտի ըլլայ հեզասահ եւ արդիւնաւէտ:
Առաջին քանի մը ամսուան մէջ արդէն իսկ աշխատանքիս արդիւնքը կը տեսնեմ, ուր աշակերտները շատ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին Արեւմտահայերէնի դասընթացքներուն, որ իրենց համար նորութիւն մըն էր: Ճիշդ է որ քիչ մը դժուարութիւն կ’ունենան հասկնալու, սակայն ջանք կը թափեն իւրացնելու եւ կ’ուզեն տարբերութիւնները գիտնալ երկու լեզուներու միջեւ, ըլլայ հնչիւնային եւ քերականական իմաստով: Անոնք կը սորվին կարդալու ճիշդ ձեւը, կը լսեն պատմութիւններ եւ կը փորձեն իրենք պատմել իրենց հասկցած ձեւով, բառարանէն օգտուելով անոնք կը յայտնաբերէն բառեր, որոնք տարբեր իմաստ ունին արեւմտահայերէնի մէջ եւ զայն կը վերածեն զուարճալի թատերգութեան, օրինակ՝ գաւաթ-բաժակ, ռոպէ-վայրկեան…եւ այլն, բանաստեղծական հատուածներ կը սորվին եւ զայն կ’արտասանէն միջոցառումներու ընթացքին, թատերական գործերու մէջ նաեւ, անոնք արդէն մեծ փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն Արեւմտահայերէն լեզուով դերակատարելու եւ մեծ հաճոյք կը ստանան..: Այս բոլոր աշխատանքները կատարելու ընթացքին ե՛ւ աշակերտները ե՛ւ ես միասնաբար կը վայելենք լեզուն եւ բերկրութիւն կը ստանանք: Երբ անոնք զիս անդադար կը հարցնեն, թէ Արեւմտահայերէնի ժամ ունին կամ ոչ, եւ չունենալու պարագային կը տխրին եւ կ’ըսեն «օ՜ֆ, մինչեւ գալ շաբաթ պիտի սպասե՞նք»: Այս խօսքերը ինծի կը գոհացնեն եւ ուրախութիւն կը պատճառեն, մտածելով, որ ձեւով մը իրենց մէջ կը սերմանեմ եւ հիմը կը դնեմ Արեւմտահայերէն լեզուին:
Անձնապէս կը հաւատամ, որ մեր ձեռքն է պահելը այս հիասքանչ լեզուն: Երբ միշտ գործածենք եւ չթերանանք խօսելու, ուր կամ որ երկրին մէջ ալ որ գտնուինք: Սփիւռքահայերէն շատեր հայրենիք գալով կը փորձեն Արեւելահայերէն խօսիլ, որպէսզի հասկնալի դառնայ բոլորին կողմէ, եւ կամ ուրիշներէն տարբեր չըլլալու կամ խտրականութիւն չստեղծուելու միտումով: Բայց ինչո՞ւ, Արեւմտահայերէնը նաեւ հայերէն լեզուի ճիղերէն մէկն է, եւ եթէ այս ձեւով մտածենք, ուրեմն մենք մեր ձեռքով լեզուն անդունդը կը ձգենք եւ անկէ ետք ափսոսալը ապարդիւն կը դառնայ: Խօսինք Արեւմտահայերէն, խնամենք մեր լեզուն…: Արեւմտահայերէնը պահպանելու եւ հայրենիք ապրող ժողովուրդին լսելի դարձնելու եւ սորվեցնելու իմ համեստ բաժինս կը փորձեմ բերել Արեւմտահայերէնի գոյատեւման վսեմ գործին մէջ:
Էակի մը ֆիզիքական լեզուն կը բանի տիրոջը ողջութեան ու կը մահանայ անոր հետ: Հաղորդակցութեան լեզուն ալ կ’ապրի ու կը գոյատեւէ այնքան ժամանակ, որ զայն գործածողները ողջ են ու կ’ապրին… Ապրեցնենք Արեւմտահայերէնը:
- Բացվել է 936 անգամ